2016-02-03 10:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը` Ողորմութիւն եւ Արդարութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 3 Փետրուար 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն, եւ այս առթիւ  շարունակելով Ողորմութեան նիւթի մասին իր խորհրդածութիւնները խօսեցաւ Ողորմութեան եւ Արդարութեան մասին։

''Սուրբ Գիրքը Աստուած կը ներկայացնէ անհուն ողորմածութեամբ ու միաժամանակ որպէս կատարեալ արդարութիւն'' ըսաւ Սրբազան Հայրը­­, դիտել տալով թէ մեզի կը թուի թէ այս երկուքը հակասական  իրողութիւններ են սակայն Աստուծոյ համար այնպէս չէ, որովհետեւ Անոր ողորմութիւնն է որ կը տանի դէպի իսկական արդարութեան կատարելիութիւն։

Եթէ մտաբերենք դատական արդարութիւն կը տեսնենք թէ` ան որ թիրախ է անարդարութեան կը դիմէ դատաւորին ու կը խնդրէ որ արդարութիւն հաստատուի. Այս սակայն իսկական արդարութեան չի տանիր, որովհետեւ չարը չի յաղթահարուիր այլ պարզապէս կը սահմանափակուի։ Այլապէս միայն բարիքով  համապատասխանելով չարին կարելի է չարը յաղթահարել։

Սուրբ գիրքը մեզի ցոյց կու տայ արդարութեան այլ ճանապարհ մը, որ ատեանէն անդին կը նախատեսէ որ տուժողը ուղղակիօրէն դիմէ մեղաւորին, զայն հրաւիրելով ապաշխարութեան եւ օգնելով որ հասկնայ իր սխալը։ Այսպէսով ան գիտակցելով իր սխալին կարողութիւնը կ՛ունենայ ընդունելու ներումը։ Դժուար ուղեւորութիւն մը` որուն ընթացին տուժողը պատրաստ ըլլալու է ներելու ու յանցաւորին փրկութիւնը ուզելու։ Աստուած այսպէս կը վարուի մեզի մեղաւորներուս հետ։ Ան մշտապէս մեզի կը նուիրէ իր ներումը ու մեզի կ՛օգնէ զինք ընդունելու եւ գիտակցելու մեր մեղքին որպէսզի ազատինք անկէ։ Որովհետեւ Տէրը  չ՛ուզեր մեզ դատապարտել այլ կ՛ուզէ մեզ փրկել։ Այս է Աստուծոյ սիրտը, Հօր սիրտ մը որ կը սիրէ եւ կը փափաքի որ իր զաւակները ապրին բարիի ու արդարութեան մէջ, լիապէս եւ երջանկութեամբ։

Հօր սիրտը մը որ մեր արդարութեան սահմանափակ հայեցակարգէն անդին կ՛երթայ ու մեր առջեւ կը բանայ իր ողորմութեան անսահման հորիզոնները։

Հօր սիրտ մը որ մեզի հետ չի վարուիր մեր մեղքերու հիման վրայ եւ այս սիրտին է որուն մենք կ՛ուզենք հանդիպիլ խոստովարանին մէջ, ուր մենք կ՛երթանք հանդիպելու Հօր մը։ Հայր մը որ մեզի օգնէ փոխելու մեր կեանքը ու մեզի ներում շնորհէ Աստուծոյ անունով։ Ասոր համար մեծ է պատասխանատուութիւնը խոստովանահայրի մը որովհետեւ այդ զաւակը որ քեզի կը մօտենայ կը փնտռէ հայր մը եւ դուն, քահանայ, որ կը գտնուիս խոստովարանին մէջ, կը փոխարինես Հայրը որ արդարութիւն կը գործէ իր ողորմածութեամբ - ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով իր խորհրդածութիւնը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.